menu.png
Passwort vergessen ?

Kapitel Ansicht

 (Index)


•••► •••►
Vers Text
1 Յետոյ, քովը կանչելով իր տասներկու աշակերտները, իշխանութիւն տուաւ անոնց՝ անմաքուր ոգիներուն վրայ, որպէսզի դուրս հանեն զանոնք, ու բուժեն ամէն տեսակ ախտ եւ ամէն տեսակ վատառողջութիւն:
2 Ահա՛ւասիկ տասներկու առաքեալներուն անունները.- առաջինը՝ Սիմոն, որ Պետրոս կը կոչուի, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէաս,
3 Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը՝ Յովհաննէս, Փիլիպպոս ու Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս՝ մաքսաւորը, Յակոբոս Ալփեան ու Ղեբէոս՝ որ Թադէոս մականուանուեցաւ,
4 Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զայն:
5 Յիսուս ղրկեց այս տասներկուքը եւ պատուիրեց անոնց. «Մի՛ երթաք հեթանոսներու ճամբայէն, ու մի՛ մտնէք Սամարացիներու որեւէ քաղաք,
6 այլ մանաւանդ գացէ՛ք Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն:
7 Երբ երթաք, քարոզեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է”:
8 Բուժեցէ՛ք հիւանդները, մաքրեցէ՛ք բորոտները՝՝, հանեցէ՛ք դեւերը. ձրի՛ ստացած էք, ձրի՛ տուէք:
9 Մի՛ ունենաք ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ ու ո՛չ պղինձ՝ ձեր գօտիներուն մէջ.
10 ո՛չ ճամբորդութեան համար պարկ, ո՛չ կրկին բաճկոն, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. որովհետեւ գործաւորը արժանի է իր կերակուրին:
11 Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեղեկացէ՛ք թէ ո՛վ է արժանաւորը անոր մէջ, եւ մնացէ՛ք անոր քով՝ մինչեւ որ մեկնիք անկէ:
12 Երբ տուն մտնէք, բարե՛ւ տուէք անոր:
13 Եթէ այդ տունը արժանի է, ձեր բարեւը թող գայ անոր վրայ. իսկ եթէ արժանի չէ, ձեր բարեւը թող վերադառնայ ձեզի:
14 Եթէ մէկը չընդունի ձեզ ու մտիկ չընէ ձեր խօսքերը, երբ մեկնիք այդ տունէն կամ քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին:
15 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու երկրին աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, քան այդ քաղաքին”»:
16 «Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս:
17 Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:
18 Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն:
19 Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ ինչ որ պիտի խօսիք՝ պիտի տրուի ձեզի այդ ժամուն:
20 Որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօր Հոգին՝ որ պիտի խօսի ձեր մէջ:
21 Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:
22 Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի:
23 Երբ այս քաղաքին մէջ հալածեն ձեզ, փախէ՛ք ուրիշ քաղաք մը. որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Պիտի չաւարտէք Իսրայէլի քաղաքները, մինչեւ որ մարդու Որդին գայ”:
24 Աշակերտը գերիվեր չէ իր վարդապետէն, ո՛չ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն:
25 Բաւական է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ, ու ծառային՝ իր տիրոջ պէս: Եթէ տանուտէրը կոչեցին Բէեղզեբուղ, ո՜րչափ աւելի՝ անոր տնեցիները»:
26 « Ուրեմն մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:
27 Ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի խաւարի մէջ՝ խօսեցէ՛ք զայն լոյսի մէջ, եւ ինչ որ կը լսէք ականջի մէջ՝ քարոզեցէ՛ք տանիքներուն վրայ:
28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար անձը սպաննել. այլ մանաւանդ վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ անձը եւ մարմինը կորսնցնել գեհենին մէջ:
29 Երկու ճնճղուկ չե՞ն ծախուիր մէկ դանգի. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը գետին կ՚իյնայ առանց ձեր Հօր կամքին:
30 Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են:
31 Ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»:
32 «Ուստի ո՛վ որ դաւանի զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի դաւանիմ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է:
33 Իսկ ո՛վ որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի ուրանամ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»:
34 «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ խաղաղութիւն ձգելու երկրի վրայ: Ես եկայ ո՛չ թէ խաղաղութիւն ձգելու, հապա՝ սուր:
35 Որովհետեւ եկայ զատելու մարդը իր հօրմէն, եւ աղջիկը՝ իր մօրմէն, ու հարսը՝ իր կեսուրէն:
36 Մարդուն թշնամիները՝ իր տնեցինե՛րը պիտի ըլլան:
37 Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ:
38 Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ:
39 Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կը կորսնցնէ իր անձը ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն»:
40 «Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:
41 Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:
42 Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»: