Իկոնիոնի մէջ՝ անոնք միասին մտան Հրեաներուն ժողովարանը, ու ա՛յնպէս խօսեցան՝ որ Հրեաներու եւ Յոյներու մեծ բազմութիւն մը հաւատաց:
2
Բայց չհնազանդող Հրեաները՝ դրդեցին հեթանոսները, եւ անոնց անձերը չարութեան գրգռեցին եղբայրներուն դէմ:
3
Իսկ անոնք երկար ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակութեամբ կը քարոզէին Տէրոջմով, որ իր շնորհքի խօսքին վկայութիւն կու տար՝ թոյլատրելով որ նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին անոնց ձեռքով:
4
Քաղաքին բազմութիւնը բաժնուեցաւ. մաս մը բռնեց Հրեաներուն կողմը, մաս մըն ալ՝ առաքեալներուն:
5
Երբ հեթանոսներն ու Հրեաները՝ իրենց պետերով՝ յարձակեցան, որ նախատեն եւ քարկոծեն զանոնք,
6
իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին:
7
իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին:
8
Մարդ մը նստած էր Լիւստրայի մէջ՝ անզօր ոտքերով, իր մօր որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր:
9
Ասիկա մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի խօսքերը, որ ակնապիշ նայելով անոր ու նշմարելով թէ բուժուելու հաւատք ունի՝
10
բարձրաձայն ըսաւ. «Ուղի՛ղ կանգնէ ոտքերուդ վրայ»: Ան ալ ցատկեց եւ քալեց:
11
Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»:
12
Բառնաբասը կը կոչէին Դիոս, ու Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ան էր գլխաւոր խօսողը:
13
Իսկ Դիոսի քուրմը՝ որ քաղաքին առջեւ էր, ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերելով դռներուն քով՝ կ՚ուզէր զոհ մատուցանել բազմութեան հետ:
14
Բայց երբ առաքեալները՝ Բառնաբաս ու Պօղոս՝ լսեցին, պատռեցին իրենց հանդերձները եւ դուրս ցատկեցին բազմութեան մէջ՝ աղաղակելով.
15
«Մարդի՛կ, ինչո՞ւ այդ բաները կ՚ընէք: Մե՛նք ալ մարդիկ ենք՝ կիրքերու ենթակայ ձեզի նման, ու կ՚աւետարանենք ձեզի՝ որպէսզի այդ ունայն բաներէն դառնաք ապրող Աստուծոյ, որ ստեղծեց երկինքը, երկիրը, ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները:
16
Անցեալ սերունդներուն մէջ ան թոյլատրեց բոլոր ազգերուն՝ որ երթան իրենց ճամբաներէն:
17
Սակայն ինքզինք չթողուց առանց վկայութեան, բարիք ընելով, անձրեւ տալով մեզի երկինքէն, նաեւ պտղաբեր եղանակներ, ու մեր սիրտերը լեցնելով կերակուրներով եւ ուրախութեամբ»:
18
Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան հանգստացնել բազմութիւնը, որ զոհ չմատուցանէ իրենց:
19
Սակայն Հրեաներ հասան Անտիոքէն եւ Իկոնիոնէն, համոզեցին բազմութիւնը, քարկոծեցին Պօղոսը ու քաղաքէն դուրս քաշկռտեցին՝ կարծելով թէ մեռած է:
20
Բայց երբ աշակերտները շրջապատեցին զինք՝ կանգնեցաւ, մտաւ քաղաքը, ու հետեւեալ օրը մեկնեցաւ Դերբէ՝ Բառնաբասի հետ:
21
Այդ քաղաքին մէջ աւետարանելէ ու շատերը աշակերտելէ ետք՝ անոնք վերադարձան Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք,
22
ամրացնելով աշակերտներուն անձերը եւ յորդորելով՝ որ յարատեւեն հաւատքին մէջ, ըսելով. «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»: